2014-11-20 13:15:55

''Լաւագոյն սննդառութիւն, որակեալ լաւագոյն կեանք'' ` միջազգային խորհրդաժողով սննդառութեան մասին։


(Ռ.Վ. 20 նոյեմբեր 2014) 19 – 21 նոյեմբեր Հռոմի ՖԱՕ-ի կեդրոնին մէջ տեղի կ՛ունենայ սննդառութեան միջազգային երկրորդ խորհրդաժողովը որուն բնաբանն է ''լաւագոյն սննդառութիւն, որակեալ լաւագոյն կեանք''։ Խորհրդաժողովին իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն բազմաթիւ պետական անձնաւորութիւններ որոնց շարքին նաեւ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը որ 20 նոյեմբերի առաւօտեան այցելեց ՖԱՕ-ի կեդրոնը եւ պատգամ մը ուղղեց ժողովականներուն։
Յայտնենք թէ սննդառութեան առաջին միջազգային գիտաժողովը տեղի ունեցաւ 1992-ին։ Վերջին տուելաներու համաձայն, աշխարհի վրայ աւելի քան 840 միլիոն մարդիկ կը տառապին ապասննդառութենէն եւ ամէն տարի շուրջ երեք միլիոն մանուկներ սովէն կը մահանան։
ֆրանչիսկոս Քահանայապետը չորրորդ Պապն է որ այցելութիւն կը կատարէ ֆԱՕ-ի աթոռին։ Պօղոս Զ. առաջին Պապը եղաւ որ այցելեց ՖԱՕը` 19 Նոյեմբեր 1970-ին, կազմակերպութեան հիմնարկութեան 25-րդ տարեդարձին առթիւ։ Յովհաննէս Պօղոս Բ Պապը երկու անգամներ այցելած էր իսկ Պենետիկտոս ԺԶ Նոյեմբեր 2013-ին] մասնակցած էր սնունդի անվտանգութեան համաշխարհային ժողովին։








All the contents on this site are copyrighted ©.